2016-04-17 10:02:00

Ֆրանչիսկոս Պսպին 17 ապրիլի թուիթը` Կոչումը կը ծնի Յիսուսի ողորմած հայեացքէն։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 17 ապրիլ 2016-ին, քահանայական կոչումներու աղօթքի 53-րդ օրուան առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քահանայապետական թուիթերեան կայքին վրայ հրատարակեց թուիթ մը, որուն մէջ ընդգծեց թէ եկեղեցւոյ մէջ ամէն մէկ կոչում` կը ծնի Յիսուսի ողորմած հայեացքէն։

Նորին Սրբութիւնը թուիթին մէջ գրեց ''Եկեղեցւոյ մէջ ամէն մէկ կոչում կը ծնի Յիսուսի ողորմած հայեացքէն, որ մեզ կը ներէ ու մեզ կը կոչէ իրեն հետեւելու''։








All the contents on this site are copyrighted ©.